Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ԴԷՊԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը ծրագրէ 14-15 յունուարին այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ այդ երկրէն ներս նախատեսուած միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային օր մը։ Քաթարի եւ տարածաշրջանի չորս երկիրներու միջեւ յառաջացած դժուարութիւններու վերջին շրջանին յաղթահարուիլը Անգարայի տեսակէտէ ալ նպաստաւոր մթնոլորտ մը ստեղծած է։ Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առանցքին վրայ ալ վերջին շրջանին ձիւնահալ մը նկատելի դարձած է։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021