ԼԻԼԻ ԳՕՉԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը 2022 թուականին պիտի ոգեկոչէ թերթիս նախկին խմբագրապետուհի Լիլի Գօչը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Իր յիշատակը որքան քաղցր է, այնքան եւ թանկ՝ աւանդուած թերթիս դարաւոր անցեալէն։
Լիլի Գօչ (Աստղիկ Արշալոյս Սեպուհեան-Գօչունեան, 1912-1997) կողակիցն էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախկին ընդհանուր տնօրէն հոգելոյս Արայ Գօչունեանի։ Աւելի քան չորս տասնամեակ տեւած էր անոնց կեանքի միասնութիւնը։ Այդ ընթացքին իրենց ուժերը միացուցած եւ իրարմով բազմապատկուած եռանդ ի գործ դրած էին մամլոյ ասպարէզին վրայ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար անգնահատելի ծառայութիւն եւ վիթխարի զոհողութիւն կատարելու առընթեր, միասնաբար հրատարակած էին նաեւ «Արշաւ»ը՝ նախ որպէս օրաթերթ, ապա շաբաթաթերթ։ Իր ամուսնոյն հետ անցած իսկապէս երկար ճանապարհէն վերջ, Լիլի Գօչ կեանքէն հեռացած էր՝ ողբ. Արայ Գօչունեանէն հազիւ քանի մը ամիս անց։ Իրենց երկրաւոր ոդիսականը աւարտած էին գրեթէ նոյնաժամանակ։
Գատըգիւղի բնիկներէն էր Լիլի Գօչ, որ աւարտած էր թաղի Անարատ Յղութիւն վարժարանը։ Հայրը՝ Մկրտիչ Սեպուհեան Պալաթի երբեմնի Խորէնեան վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչներէն էր, նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ երաժշտապետը։ Մայրը՝ գրագիտոոհի Նեվրիկ Սեպուհեան թաղի աղքատախնամի սիւներէն էր, նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի օժանդակ մարմնի մղիչ ուժերէն։ Հասակ առած ընտանեկան մթնոլորտը թրծուած էր ազգային ու եկեղեցական, մշակութային արժէքներով։ Ան ալ այդ ներշնչանքով կեանք մը ապրած էր, իր հերթին՝ մտաւոր արտադրութեամբ, հասարակական կեանքի վերաբերեալ յանձնառութիւններով։ Այդ ապրումները բնորոշած էին իր ուղին։ Ստեղծագործական գործունէութեան առընթեր, երիտասարդութեան տարիներուն եղած էր ուսուցչուհի՝ Գատըգիւղի երբեմնի Սուլթանեան վարժարանին մէջ։ Ամուսնոյն հետ ծանօթանալէ շատ առաջ արդէն սկսած էր աշխատակցիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, ինչպէս իր մայրը։ Աւելի ուշ, տասնամեակներ շարունակ իր գրութիւննարը եղած էին թերթիս սիւնակներուն զարդը՝ ուրոյն ոճով, մարդկային զգայնութիւններով ու մանաւանդ՝ քրիստոնեայ հաւատացեալի ընկալումներով։
Ուրեմն, իր կորուստէն քառորդ դար անց, այս տարեմուտին բիւր յարգանքով ու անսահման կարօտով կը վերյիշենք հոգելոյս Լիլի Գօչը՝ հերթական անգամ խոր երախտագիտութեամբ խոնարհելով անթառամ յիշատակին առջեւ։