ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԴԷՊԻ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾԱԾ Է ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Փետրուարի 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմ:

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ անոր շքախումբը Աւստրալիայի Սիտնի քաղաքի օդանաւակայանին մէջ դիմաւորեցին Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի գլխաւորութեամբ՝ թեմի եկեղեցականները, թեմական եւ ծխական, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու շուրջ քսան ներկայացուցիչներ:

Փետրուարի 2-ին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն: Եկեղեցւոյ առջեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը խաչվառներով, դրօշակներով եւ բարիգալստեան պաստառներով դիմաւորեցին հոգեւոր դասը եւ թեմական եւ ծխական խորհուրդներու անդամներ, երգչախումբերու անդամներ, դպրոցական աշակերտներ եւ սկաուտներ:

Աղ ու հացի օրհնութեան արարողութենէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը շարականներու երգեցողութեան ներքոյ հանդիսաւորապէս մուտք գործեց եկեղեցի, ուր Հայոց Հովուապետի օրհնաբեր այցին կը սպասէին աւելի քան չորս հարիւր հաւատացեալներ: Օրհնելով բարեպաշտ հայորդիները՝ Նորին Սրբութիւնը ուղղուեց դէպի Սուրբ Խորան, ուր կատարուեց Եկեղեցւոյ երկրպագութեան կարգը:

Այնուհետեւ յանուն եկեղեցական դասին, թեմական, ծխական խորհուրդներու եւ համայն աւստրալահայութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան` հրաւիրելով Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու ներկայ ժողովուրդին:

Իր պատգամի բնաբան ընտրելով «Ինչպէս որ ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուսը՝ Տէրը, այնպէս ալ ընթացէ՛ք Անով՝ արմատաւորուած եւ կառուցուած Անոր վրայ, հաստատ մնալով հաւատի մէջ» առաքելական յորդորը` Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Աւստրալիայի մէջ բնակող եկեղեցասէր ու ազգասէր հայորդիները՝ գոհաբանութեամբ առ Աստուած նշելով, որ տարիներ անց Տէրը վերստին շնորհ պարգեւած է այցելելու Աւստրալիա եւ Քրիստոսահիմն ու լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնն ու լոյսը բերելու անոնց, սէրն ու քաջալերանքը հայրենաբնակ եղբայրներու ու քոյրերու:

«Դարերու ընթացքին դժուարութիւններ ու փորձութիւններ դիմագրաւած է մեր ժողովուրդը, եղեռնի հետեւանքով ցրուած է աշխարհով մէկ, բայց ամէնուր, առաքեալի պատուէրի համաձայն, պահպանած է հաւատարմութիւնը առ Աստուած, համբերած է նեղութիւններու եւ գովարժան գործերով բարձրացուցած է իր կեանքը: Ինչպէս որ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու, այստեղ՝ Աւստրալիայի մէջ նոյնպէս հայ համայնքի պատմութիւնը եղած է փորձութիւններու յաղթահարում, նոր յաջողութիւններու կերտում, Հայրենիքին, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ու հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հաւատարմութեան գովելի վկայութիւն: Դուք այստեղ համախմբուած էք աշխարհի զանազան հայ համայնքերէ եւ բերելով ու պահպանելով ձեր աւանդոյթները, որոնց գեղեցիկ բազմազանութեամբ հարստացուցած ու բարեզարդած էք Սիտնիի համայնքը: Անցեալ դարու կէսերուն այստեղ ծուխի հաստատումը եւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնումն ու անոր շուրջ համախմբումը առաւել աշխուժացուց ազգային եւ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը Սիտնիի հայ համայնքի: Ծխական կեանքի առաջընթացին մեծապէս նպաստեցին հայալեզու դպրոցներու բացումը, տիկնանց եւ երիտասարդաց միութիւններու, տարեցներու խնամքի կազմակերպութեան հաստատումը, ազգային, բարեսիրական եւ մշակութային բոլոր այն կառոյցները, որոնք հիմնադրուած են եւ կը գործեն ձեր ջանքերով:

«Այսօր դուք նոյն նախանձախնդիր ոգիով կը զօրացնէք ազգային-եկեղեցական ձեր կեանքը, շէն ու բարօր կը պահէք ձեր եկեղեցին, ազգային, մշակութային հաստատութիւնները: Բարեպաշտ ձեր ընթացքը դուք կը զարդարէք եկեղեցանուէր գործերով, մանուկ սերունդի հոգատար դաստիարակութեամբ՝ ջանալով ձեր զաւակներու հոգիին մէջ սերմանել հաւատքն առ Աստուած եւ սէրը առ ազգն ու հայրենին, որպէսզի անոնք ալ՝ արմատաւորուած Քրիստոսին, ընդունին Աստուծոյ շնորհները եւ շարունակեն մեր ժողովուրդի՝ Քրիստոսին հաւատարիմ ազգային իրենց կեանքը: Ձեր ջանքերու բարի արդիւնքները բերկրութեամբ կը լեցնեն համայնքի իւրաքանչիւր անդամի հոգին, ինչպէս նաեւ Հայրապետիս սիրտը», ըսաւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը:

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ թեմական ու ծխական կեանքի աշխուժութիւնը, հոգեւոր-եկեղեցական անդաստանի բարեզարդութիւնը Աստուծոյ օրհնեալ պտուղներն են աւստրալաբնակ հայորդիներու աստուածասիրութեան, ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումի: Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ հայրենիքի հանդէպ հայ համայնքի կողմէ մշտապէս դրսեւորուող սէրն եւ զօրակցութիւնը՝ հաստատելով, որ զօրեղ սփիւռքը նաեւ ուժ եւ զօրութիւն է հայրենիքին, ինչպէս հայրենիքը ուժ եւ զօրութիւն է սփիւռքի համար, երաշխաւորը սփիւռքի գոյատեւման եւ պայծառութեան:

Հայոց Հովուապետը քաջալերեց հայորդիները հանապազ ընթանալ Քրիստոսով, մեր հայրերու աւանդներով, հայրենեաց ջերմ սիրով: «Սիրելիներ, ձեր հոգեւոր միասնականութեան մէջ է, որ արթուն կը մնայ ձեր եւ ձեր զաւակներու աստուածասէր, ազգանուէր ու եկեղեցասէր ոգին, քանզի այդ միասնականութեամբ ձեր հայրերը դիմակայած են բոլոր փորձութիւններուն, յաղթահարած են բոլոր դժուարութիւնները, այդ միաբանութեամբ եւ դուք զօրացեալ պիտի պահէք ազգային կեանքը Սիտնի քաղաքին մէջ եւ արդիւնաւորէք ձեր սէրը առ հայրենին եւ սէրը դէպի մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ անոր Աստուածակառոյց հոգեւոր սուրբ կեդրոն Սուրբ Էջմիածինը», յաւելեց Հայոց Հայրապետը՝ նշելով, որ հայրենիքէն հեռու՝ բազում մարտահրաւէրներ կան անոնց կեանքին մէջ, դժուարութիւններ յատկապէս նոր սերունդը ազգային ոգիով ու նկարագրով կրթելու, եկեղեցական կեանքին ներգրաւուած պահելու գործին կապակցութեամբ: Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ տարակոյս չունի, թէ առկայ բոլոր խնդիրներով հանդերձ հայորդիները պիտի շարունակեն մեր ժողովուրդին յատուկ քաջութեամբ ու տոկունութեամբ պահպանել հոգեւոր ու ազգային արժէքները, հաստատուն ու անխաթար պահել իրենց բարեպաշտ կեանքը:

Իր գնահատանքը բերելով ամէնքին ազգային-համայնքային ու եկեղեցական կեանքի մէջ իրենց նուիրեալ ծառայութեան ու հոգատար ջանքերու համար՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց, որ Տէրը բարօրութեան մէջ պահէ Աւստրալիան եւ անոր բարեպաշտ ժողովուրդը, Իր շնորհներով օրհնէ համայն մեր ժողովուրդը իր խաղաղ ու պայծառ գալիքը կերտելու եւ հաւատքով ամուր միշտ փառաւորելու Երկնաւորը:

Պատգամի աւարտին, Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութենէն յետոյ հաւատաւոր հայորդիները հնարաւորութիւն ունեցան մօտենալու Նորին Սրբութեան եւ համբուրելու անոր Սուրբ Աջը եւ ստանալու նուէր խաչիկներ:

Այնուհետեւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ժողովուրդի հետ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019