«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ»Ի ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ թէեւ իշխանութիւնները մեծ ջանքեր կը գործադրեն բնականոն վիճակի տպաւորութիւն ստեղծելու համար, սակայն ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետապնդել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովելու նպատակը՝ յետպատերազմեան ծանր եւ անանտեսելի հետեւանքներու լոյսին տակ։ Երկրի միացեալ ընդդիմութեան՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վերջին օրերուն ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ ցարդ կատարուած աշխատանքը։ Շարժման կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, ընդդիմադիր ճակատի ժողովին մասնակցեցան երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան եւ այլ գործիչներ։

Ընդդիմութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպման օրակարգին վրայ գտնուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Այսպէս, շարժումը պիտի շարունակէ իր քայլերը, կը նախատեսուի՝ յառաջիկայ շրջանին թափ տալ ցոյցերուն եւ հանրահաւաքներուն։ Նոյն աղբիւրները կը հերքեն նաեւ իշխանական շրջանակներուն կողմէ տարածուած լուրերը, ըստ որոնց ընդդիմադիր շարժումը տեղքայլ արձանագրած է։

Վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ դարձեալ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց մասնակիցները միշտ կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իշխան Սաղաթելեան յայտնած է, որ համաժողովրդական ճնշման ներքեւ այս չարիքի կառավարութիւնը պէտք է հեռացուի։

Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած էր, որ անպայման պիտի մասնակցի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ինչ պայմաններու ներքեւ ալ կազմակերպուին անոնք։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021