ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով Լոնտոնի մէջ դարմանման ենթարկուած էր, ապաքինած է մեծաւ մասամբ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բժիշկներու վերահսկողութեան տակ, տնային պայմաններու ներքեւ կը շարունակուի Արմէն Սարգսեանի բուժումը։ Ներկայիս ան կ՚աշխատի հեռավար դրութեամբ եւ կը հետեւի Հայաստանի գործընթացներուն։

Նախագահ Սարգսեանի գրասենեակը հաղորդեց, որ առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու, խնդիրներու լուծման ուղիներու վերաբերեալ իր դիրքորոշումներն ու մօտեցումները ան բազմիցս արտայայտած է զանազան քաղաքական ուժերու կամ հասարակական կազմակերպութիւններու, մտաւորական ներկայացուցիչներու կամ հեղինակաւոր անհատներու հետ հանդիպումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ելոյթներու կամ հարցազրոյցներու միջոցաւ։

Յառաջիկայ օրերուն Հայաստան վերադառնալէ վերջ Արմէն Սարգսեան պիտի շարունակէ այդ քննարկումները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021