ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու մակարդակով երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ներկայ ամսուան մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ՝ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան (Հայաստան), Ալեքսէյ Օվերչուք (Ռուսաստան) եւ Շահին Մուսթաֆաեւ (Ատրպէյճան) Մոսկուայի մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունեցած էին 30 յունուարին։ Երէկ, Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ներկայ ամսուան մէջ՝ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ։ Նոյն աղբիւրները հաղորդեցին, որ փոխ-վարչապետներու որոշումով՝ արդէն երկու մասնագիտական խումբեր ստեղծուած են այս եռակողմանի ձեւաչափին մէջ հայկական կողմէն այդ մասնագիտական ենթախումբերու կազմին ընդգրկուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Տնտեսութեան նախարարութեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի ներկայացուցիչները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021