Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ԱՄՆ-Ի ՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը Սուրիոյ հիւսիսի Իտլիպ քաղաքին մէջ կազմակերպած է յատուկ գործողութիւն մը, որու ընթացքին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման պարագլուխ Էպու Իպրահիմ էլ Հաշիմի էլ Քուրէյշի սպաննուած է։ Ան 2019 թուականին ԻՇԻՊ-ի գլուխը անցած էր ու կարեւոր դեր խաղացած՝ Մուսուլի բռնագրաւման ժամանակ։
Ճօ Պայտըն տեղեկացուց, որ ամերիկեան յատուկ զօրքերը խնդրոյ առարկայ գործողութիւնը իրականացուցած են նախընթաց երեկոյեան։
Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022