ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉԻ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ 24 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի՝ մինչ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնները երէկ պաշտօնապէս հրապարակեցին յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպման վերջնական մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումէն վերջ, Անգարա-Երեւան բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այս անգամ Վիեննայի մէջ, ուր Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան երկրորդ անգամ ժամադրուած են 24 փետրուարին։

Առաջին հանդիպումը Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ էր անցեալ յունուարի 14-ին։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած հանդիպումը պիտի երկրորդէ շուրջ ամիս մը վերջ։ Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ ամէն ինչ ընդհանուր առմամբ ճանաչողական բնոյթ մը ունէր։ Նոյն տրամաբանութիւնով կարելի է ակնկալել, որ այս երկրորդ հանդիպման ժամանակ արդէն աւելի գործնական քննարկումներ տեղի կրնան ունենալ։

Մոսկուայի առաջին հանդիպումէն վերջ կը սպասուէր, որ յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւնները այլեւս շարունակուին Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ՝ նկատի ունենալով, որ այս բանակցութիւնները կողմերու միջեւ ուղիղ շփումներու բնոյթը կը կրեն։ Յամենայնդէպս, ի տարբերութիւն այդ սպասումներէն՝ յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժամադրութիւնն ալ որոշուած է երրորդ երկրի մը մէջ իրականացնել։

Անգարայի եւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները վերջին շրջանին յաճախ հաղորդումներ կ՚ընեն նաեւ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին Հայաստանի մասնակցութեան շուրջ։ Երկու մայրաքաղաքներու հաղորդումներն ալ կը վկայեն, թէ այդ մասնակցութիւնը շատ հաւանական կը նկատուի։ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումը նախատեսուած է յառաջիկայ մարտի առաջին կէսին։ Ուստի, եթէ Հայաստանի կողմէ վերջնականօրէն մասնակցութեան պարագան հաստատուի, ապա յատուկ ներկայացուցիչներու Վիեննայի այս երկրորդ տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ Թուրքիոյ հետ նոր շփումի մը հնարաւորութիւնը պիտի ներկայանայ՝ շատ կարճ ժամանակ անց։

Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022