«ԶԱՆԳԻ»Ն ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

2013 թո­ւա­կա­նին հաս­տա­տո­ւած հայ­կա­կան «Զան­գի» (Zangi) հա­մա­ցան­ցա­յին սպա­սար­կու­թիւ­նը, որ ար­դէն իսկ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն օգ­տա­տէր ու­նի, ձրի հե­ռա­ձայ­նա­յին եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան այլ մի­ջոց­ներ տրա­մադ­րող «Սքայփ»ի (Skype) եւ «Վայ­պըր»ի (Viber) նման սպա­սար­կու­թիւն­նե­րուն մրցա­կից դար­ձած է ար­դէն։

Ար­դա­րեւ, ըն­կե­րու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ այժմ կը մաս­նակ­ցի Փետ­րո­ւա­րի 27-ին Սպա­նիոյ Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քին մէջ սկսած եւ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող յա­տուկ հա­ւա­քին, որ յատ­կա­ցո­ւած է շար­ժա­կան հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու:

Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ար­հես­տա­գի­տու­թեանց նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան։

«Զան­գի»ի հիմ­նա­դիր Վահ­րամ Մար­տի­րո­սեան կը յայտ­նէ, թէ ըն­կե­րու­թիւ­նը յա­տուկ կրպակ մը կ՚ու­նա­նայ մէկ շա­բա­թեայ այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին մէջ, նպաս­տե­լու հա­մար «Զան­գի»ի հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րա­ծու­մը ա­պա­հո­վե­լու ջան­քե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րո­ւող այս սպա­սար­կու­թիւ­նը ար­դէն իսկ սկսած է գոր­ծա­ծո­ւե­լու մեծ թի­ւով հա­յե­րու եւ օ­տար­նե­րու կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թեան ո­րա­կը հա­ւա­սար է վե­րոն­շեալ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցա­կան սպա­սար­կու­թեանց եւ եր­բեմն նոյ­նիսկ՝ կը գե­րա­զան­ցէ զա­նոնք։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ Վա­հան Մար­տի­րո­սեան, որ կ՚ա­ւելց­նէ նաեւ, թէ «Զան­գի»ի իւ­րա­յա­տու­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը այն է, որ կրնայ հա­ղոր­դակ­ցիլ նոյ­նիսկ, երբ հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պի ո­րա­կը ցած է։ Սպա­սար­կու­թեան մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թեանց հա­մար, այ­ցե­լել zangi.com կայ­քէ­ջը։

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017