ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ 23 ՄԵՏԱՅԼ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՆԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Հա­յաս­տան այս տա­րի ան­նա­խա­դէպ ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րած է Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նա­յին Հան­րա­պե­տու­թեան Նոյշ­թատթ քա­ղա­քին մէջ Փետ­րուար 25-ին տե­ղի ու­նե­ցած MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մի­ջազ­գա­յին մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան: Մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած ար­տադ­րան­քը ար­ժա­նա­ցած է 23 մե­տայ­լի`10 ոս­կի եւ 13 ար­ծաթ, կը յայտ­նեն Հա­յաս­տա­նի Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տուու­թեան 
եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նէն:

Հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վուած է Հա­յաս­տա­նի Խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան հիմ­նադ­րա­մը Զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րէն ներ­մուծ­ման խթան­ման կեդ­րո­նի (CBI) ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Հա­յաս­տա­նէն մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած են 19 գի­նե­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ գնա­հա­տող յանձ­նա­ժո­ղո­վի դա­տին ներ­կա­յաց­նե­լով 58 տե­սա­կի հան­գիստ եւ փրփրուն գի­նի­ներ: 
Ընդ­հա­նուր առ­մամբ մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցուած էին շուրջ 6 հա­զար տե­սա­կի գի­նի­ներ աշ­խար­հի 44 եր­կիր­նե­րէ: Հա­յաս­տան իր նուա­ճած մե­տայլ­նե­րու քա­նա­կով ա­ռաջ ան­ցած կարգ մը եր­կիր­նե­րէ, ինչ­պէս՝ Վրաս­տան (4 ոս­կի, 7 ար­ծաթ), Մոլ­տո­վա (8 ոս­կի, 12 ար­ծաթ), Մա­կե­դո­նիա (6 ոս­կի, 3 ար­ծաթ), Ռու­մա­նիա (6 ոս­կի, 5 ար­ծաթ), Չի­նաս­տան (1 ոս­կի, 1 ար­ծաթ): Հա­յաս­տան մե­տայլ­նե­րու քա­նա­կով 14-րդն է Նոր Զե­լան­տա­յի եւ Հուն­գա­րիոյ հետ:

 Մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած գի­նի­նե­րը գնա­հա­տուած են շուրջ 200 հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րէ կազ­մուած դա­տա­կազ­մի մը կող­մէ, ո­րուն կազ­մին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ընդգր­կուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը՝ Տրի­նի­տի ՍՊԸ-ի գի­նե­գործ Ար­տէմ Բար­սե­ղեան:

Հայ­կա­կան գի­նի­նե­րը համ­տե­սե­լու նպա­տա­կով MUN­DUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած է կա­լա-ընթ­րիք մը: Հայ­կա­կան գի­նի­նե­րու համ­տե­սի ներ­քոյ «Կոլ­տըն Կրէյպ Ար­մաս» գոր­ծա­րա­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն Վիք­թո­րիա Աս­լա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հայ­կա­կան գի­նի­նե­րու շնոր­հան­դէս, որ ար­ժա­նա­ցած է «Լա­ւա­գոյն շնոր­հան­դէս» մրցա­նա­կին:

Ընթ­րի­քին նպա­տակն էր նպաս­տել ինչ­պէս Եւ­րո­միու­թեան, այն­պէս ալ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու շու­կա­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան գի­նե­գոր­ծա­կան ո­լոր­տի ճա­նա­չե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման, ար­տա­հան­ման ծա­ւալ­նե­րու ա­ճի խթան­ման եւ նոր գոր­ծըն­կեր­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման:

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017