ԱՆԻԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ վերջերս այցելեց Կարս, ուր տեղւոյն վրայ քննարկեց շրջանի պատմամշակութային եւ զբօսաշրջութեան նշանակութեամբ հնութիւնները։ Նախարարը այս ամբողջին մէջ այցելեց նաեւ Անիի աւերակները։ Այցելութեան ընթացքին ան զրուցեց զբօսաշրջիկներու հետ, նաեւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Այս առթիւ Էրսոյ նշեց, որ Անիի աւերակները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ համար եւ պատմական քաղաքը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցակին վրայ ընդգրկուած է՝ որպէս քաղաքակրթութիւններու օրրան։ Էրսոյ յայտնեց, որ Անիէն ներս շուտով պիտի սկսին վեց ամսուան պեղումներ, որոնց պիտի մասնակցին մեծ թիւով հնագէտներ։

Նախարար Էրսոյի այցելութիւնն ու յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած են նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այդ հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ նախարարը հայկականութեան վերաբերեալ որեւէ ակնարկութիւն չէ ըրած իր յայտարարութիւններուն մէջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Անիի բոլոր յուշարձանները, միայն մէկ բացառութեամբ բոլորը հայկական են եւ 10-11-րդ դարերուն ան եղած է հայոց մայրաքաղաքը։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019