ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրացոյցով այսօր արդէն սկսած է Մեծ պահոց շրջանը։ Սա նուիրական ժամանակաշրջան մըն է, որ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն առիթ կը ստեղծէ խոկումի հոգեւոր խորհրդածութեան եւ ինքնաքննադատութեան համար։

Մեծ պահոց սկիզբէն առաջ շաբաթավերջին արդէն նշուեցաւ Բարեկենդանը։

Անցեալ շաբաթավերջին մեր հոգեւորականաց դասն ալ Բարեկենդանի առթիւ համախմբուեցաւ ճաշասեղանի մը շուրջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ Բարեկենդանի առթիւ ընթրիքի սեղան մը սարքուեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից «1890 Suites» պանդոկի ճաշարանին մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը փափաքած էր Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համախմբել՝ Բարեկենդանի բարձր տրամադրութեամբ։ Իր կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրերը եւ քահանայից դասու անդամները, որոնց հետ էին նաեւ երէցկինները։ Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ անցաւ Բարեկենդանի այս ընթրիքը, որու ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ վերանորոգութեան առիթ հանդիսանայ բոլորին համար։

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ անցեալ շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ Եկեղեցական համագումար ժողով։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019