ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։ Այցելութեան ծիրէն ներս ան բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան հետ։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան կը տեսակցի ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Հանդիպումներէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Թուսք հանդէս կու գան յայտարարութիւնով մը։ Նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ժան-Քլոտ Եունքէրի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Նիկոլ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ Եւրոխորհրդարան, ուր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ հանդէս կու գայ ելոյթով մը։

Նիկոլ Փաշինեան կ՚այցելէ նաեւ Պելժիոյ Ֆիլանտայի տարածքաշրջանի Լիւվէն քաղաքը, որ կարեւոր համալսարանական կեդրոն մըն է։ Ան կը ծանօթանայ տեղւոյն կրթական ու գիտահետազօտական հաստատութիւններուն՝ Կաթոլիկ համալսարանի, Հետազօտութիւններու եւ զարգացման փորձագիտութիւններու փոխանցման գրասենեակի, IMEC գիտահետազօտական կեդրոնի, «Առողջութեան կեդրոնի» գործունէութեան ու ծրագրերուն։ Փաշինեանի այցելութեան ծիրին մէջ փոխըմբռնման յուշագիր կը ստորագրուի՝ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան եւ Ֆիլանտայի արտաքին գործոց բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ IMEC գիտահետազօտական կեդրոնի եւ «Ձեռնարկութիւններու հիմնադրամ»ի միջեւ։

Այցելութեան ընթացքին Փաշինեան կը հանդիպի նաեւ պելժիահայ համայնքի գործարար ներկայացուցիչներուն հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019