ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔԻ ՁԱՅՆԵՐ
Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն բուռն հակազդեցութեան առարկայ կը դարձնէ Անգարան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին բերումով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Այս հանդիպման ընթացքին Չավուշօղլու պահանջեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պէտք է ծաւալէ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութիւն։ Հիմնախնդրի լուծումը պէտք է գտնուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններու նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ։
Այս իրադարձութեան զուգահեռ Երեւանէն բարձրացան բողոքի ձայներ։ Առաջին առթիւ Չավուշօղլուին հակազդեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Իսկ երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան անդրադարձաւ Չավուշօղլուի խօսքերուն եւ ըսաւ. «Թուրքիա չի կրնար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ»։ Բանբերը շեշտեց, որ Թուրքիա Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ ոչ-բարեկամական քաղաքականութիւն մը յառաջ կը տանի։ Այդ քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային կ՚արտայայտուի Ատրպէյճանի ի նպաստ ցուցաբերուած միակողմանի ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ։