ԱՄՈՒԼ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը շարունակուի, վտանգաւոր անորոշութիւնով հանդերձ։ Պետականութիւնը հասած է անդունդի եզրին, երկիրը մատնուած է անելի, տագնապի յաղթահարման համար որեւէ յստակ հեռանկար չէ ուրուագծուած եւ այս մթնոլորտին մէջ քաղաքական դերակատարներու միջեւ բազմաբնոյթ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Մինչ այդ, փակ մնալ կը շարունակէ Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, ուր կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը մշտական հանրահաւաքներով կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել, սակայն չի յաջողիր ապահովել անհրաժեշտը՝ իր նպատակին հասնելու եւ առկայ իրավիճակին մէջ բեկում մը ապահովելու տեսակէտէ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հերթական անգամ հանդիպեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի հետ։ Կառավարութիւնը Գասպարեանի պաշտօնազրկումը պահանջած էր՝ բանակի վերջին ծանօթ յայտարարութենէն վերջ, որով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը բարձրաձայնուած էր։ Արմէն Սարգսեան թէեւ չէ վաւերացուցած Փաշինեանի համապատասխան հրամանագիրը, սակայն իր որդեգրած ընթացքով արդէն գետին կը պատրաստէ այդ որոշմնագրի իրաւունքի ուժով գործադրութեան դրուիլը։ Այլ խօսքով, այս նիւթին վերաբերեալ սկիզբի հաստատակամութենէն որոշ չափով հեռացած է նախագահը, սակայն, յամենայնդէպս ան երէկ հերթական անգամ տեսակցած է զօրավար Գասպարեանի հետ։ Արմէն Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ներկայացուցիչներուն հետ։ Ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ հարիւր տոկոսով չեն արդարացած իրենց սպասումները նախագահէն։ Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ յառաջ տանիլ իր պայքարը։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանէն ներս հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ ըսաւ, որ արտահերթ ընտրութիւնները իշխանութիւններուն կողմէ կը դիտարկուին՝ որպէս հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու միջոց։

Մինչ այդ, երէկ տեղի ունեցաւ բաւական անհանգստացուցիչ եւ մտահոգիչ իրադարձութիւն մը։ Երբ Բաղրամեան պողոտայի վրայ կ՚ընթանար ընդդիմութեան հանրահաւաքը, Հայաստանի խորհրդարանի շէնքի պատշգամէն երեւցաւ դիպուկահար մը, որ իր հրացանը ուղղած էր ցուցարարներուն վրայ։ Մեծ ցասումի պատճառ դարձաւ այս երեւոյթը։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտնեց, որ խորհրդարանի պատուհաններու մէկէն հրազէնի բացայայտ ցուցադրութիւնը անհամարժէք է՝ խաղաղ հաւաքին պետութեան կողմէ գործադրուած անվտանգութեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հարցաքննութեան հրաւիրեց՝ ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանը։ Այս առաւօտ ան հարցաքննուեցաւ՝ որպէս մեղադրեալ, հանրահաւաքներու ընթացքին ունեցած ելոյթներուն ժամանակ իշխանութիւնները բռնի ձեւով տապալելու վարկածին շուրջ խօսած ըլլալուն հետեւանքով։ Հարցաքննութենէն վերջ ան թէեւ չձերբակալուեցաւ, սակայն երկրէն դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ իր պարագային։

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021