ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, թանգարանը ընթերցասէրներու դատին յանձնեց անցեալ տարի իր կողմէ հրատարակուած բազմաբովանդակ գիրքեր։ Շնորհանդէս-վաճառք մըն էր այս մէկը, որ եկաւ անգամ մը եւս յիշեցնել՝ մշակութային հարուստ եւ բազմադարեայ ժառանգութեան ու անոր պահպանման մասին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութենէն ներս։

Պատմութեան թանգարանի գիտական գծով փոխ-տնօրէն Նժդեհ Երանեան այս առթիւ յայտնեց, որ պատկերազարդ ու բարձրորակ տպագրութեամբ աշխատանքները զուտ ակնարկներ չեն, այլ կարեւոր ու երկարատեւ գիտական հետազօտութիւններու արդիւնքը կը հանդիսանան։ «Գիրքերուն մէջ ներկայացուած են թանգարանէն ներս ի պահ դրուած մեր մշակոյթի, պատմութեան զանազան շրջաններուն եւ դըր-սեւորումներուն վերաբերեալ նիւթեր», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021