ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ կը սկսին Երեւան-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի՝ Մեղրիի հատուածի դաշտային աշխատանքները։ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան մէջ, երբ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթաց մը յառաջ կը տարուի, այս երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ, ըստ երեւոյթին, ընդհանուր փոխըմբռնում մը գոյացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ուստի, հայկական կողմը ձեռնամուխ կ՚ըլլայ գործնական աշխատանքներու։ Այդ երկաթուղիի Հայաստանի տարածքով անցնող հատուածէն ներս աշխարհագրական հանգամանքներու բերումով մասնաւոր դժուարութիւններ կան Մեղրիի շրջանի պարագային։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան գումար կը յատկացուի Երեւան-Մեղրի երկաթուղային հատուածներու նախապատրաստական աշխատանքներու իրականացման համար։ Խօսքը կը վերաբերի 45 քիլօմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի մը։

«Սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Կը յուսամ, թէ զուգահեռաբար իրաւականօրէն կ՚ամրագրենք այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերած ենք անցեալ տարի Սոչիի եւ Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումներու ընթացքին։ Մինչ այդ աշխատանքը պիտի չկանգնի, մենք զուգահեռ կ՚աշխատինք, որպէսզի ժամանակը օգտագործենք», ըսաւ Փաշինեան։

Կառավարութեան ժողովի ընթացքին այս նիւթին անդրադարձան նաեւ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան եւ վարչապետի խորհրդական Արտաշէս Թումանեան, որոնց բացատրութիւններէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ այս բոլորը կը դիտարկեն «հայկական խաչմերուկ» նախագծի շրջանակին մէջ։ «Շատ կարեւոր է, որ հիմա աշխատանքներ կ՚իրականացուին ցամաքուղիներու, հաւանական երթուղիներու կառուցման շուրջ՝ ներառեալ նոր մայրուղիներ», դիտել տուաւ ան։

Կառավարութեան ժողովէն օր մը առաջ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ անդրադարձած էր այս երկաթուղիի գործարկման հեռանկարներուն։ Ան յայտնած էր, որ երկաթուղիի վերականգնման համար շուրջ 230 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրում մը կը նախատեսուի եւ շինարարական աշխատանքները կրնան տեւել մինչեւ 36 ամիս։ Փոխ-վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ երկաթուղիի գործարկման պարագային դրական արդիւնքներ պիտի արձանագրուին եւ սա պիտի ըլլայ եկամտաբեր։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022