ՆԱԹՕ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՔԻՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պեր­կի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վար­չա­պե­տա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը կապ հաս­տա­տած է վար­չա­պե­տին հետ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տա­վու­տօղ­լու եւ Սթոլ­թեն­պերկ ման­րա­մասն կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան Ե­գէա­կա­նի ա­պօ­րի­նի գաղ­թին, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին, ինչ­պէս նաեւ Ի­րա­քի, Սու­րիոյ, Լի­պիոյ եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ մէջ վեր­ջին շրջա­նին պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու զո­հե­րուն հա­մար։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը շեշ­տեց, որ դա­շին­քը ա­մուր ձե­ւով կը պաշտ­պա­նէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղեալ Թուր­քիոյ ջան­քե­րը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016