ՊԱՏԵՐԱԶՄ… ԴԱՐՁԵԱ՞Լ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նան սաս­տիկ բա­խում­ներ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ շա­բա­թա­վեր­ջին ծա­գե­ցան ան­նա­խա­դէպ կռիւ­ներ։ Ապ­րի­լի 1-2-ի գի­շե­րը, ժա­մը 03.00-ի սահ­ման­նե­րուն, շփման գծի ողջ եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ձեռ­նար­կե­ցին յար­ձակ­ման՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ա­մե­նա­ծանր մի­ջոց­նե­րը թէ՛ ցա­մա­քէն եւ թէ օ­դէն։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ան­մի­ջա­պէս փո­խա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կեց։ Ինչ­պէս շեշ­տեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նան՝ 1994 թուա­կա­նին հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րէն ի վեր ա­մե­նա­խո­շո­րա­ծա­ւալ բա­խում­նե­րը։ Դժբախ­տա­բար կը տու­ժեն նաեւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը։

STRATFOR ա­մե­րի­կեան վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճան ռազ­մա­կան լա­րուա­ծու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու հե­տա­մուտ է՝ իր տնտե­սա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը թաքց­նե­լու հա­մար։ Ամ­բողջ շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կուե­ցան սաս­տիկ բա­խում­նե­րը, ո­րոնք ա­հա­զան­գա­յին ծայ­րա­յեղ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծած են եւ կը հա­մա­րուին ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն մը։ Պա­տե­րազ­մը դար­ձեալ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի օ­րա­կար­գին վրայ է։ Ատր­պէյ­ճա­նի քայ­լե­րը պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նան, որ տա­րած­քաշր­ջա­նը դառ­նայ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­բեմ մը։

Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի աղ­բիւր­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ բո­լոր փաս­տե­րով ստոյգ է, որ նա­խա­յար­ձա­կը ե­ղած է Ատր­պէյ­ճան։ Ըստ հայ­կա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի ա­ռաջ­նա­հերթ ծրագ­րե­րը ձա­խո­ղուած են եւ ճա­կա­տի վրայ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կը գտնուի հայ­կա­կան կող­մին ձեռ­քը։

«Քար­նեկ»ի հիմ­նար­կի ա­ւագ վեր­լու­ծա­բան Թո­մաս տը Վաալ ներ­կայ բա­խում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ յի­շե­ցուց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը սա­ռած չէ։ Երբ տա­կա­ւին թէժ կռիւ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին Ար­ցա­խի մէջ, բնա­կա­նա­բար Պա­քուի այս յար­ձա­կում­նե­րը կու գան խո­րաց­նել մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը՝ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն թափ տա­լու ճա­նա­պար­հին։ Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ կը շա­րու­նա­կեն դի­մագ­րա­ւել ծանր մար­տահ­րա­ւէր մը. մար­տահ­րա­ւէր, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան քսան­հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ ե­ղած է ա­ռաջ­նա­հերթ։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, թէ պատ­րաստ է անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ուղ­ղա­կի ռազ­մա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը բարձր գնա­հա­տեց Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, զա­նոնք ո­րա­կե­լով ար­հես­տա­վարժ։ Ըստ ի­րեն, տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, թէ այս վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ին­չի կրնան վե­րա­ծուիլ։ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, բայց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի զի­նեալ ու­ժե­րը կը վե­րահս­կեն ի­րա­վի­ճա­կը։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժերն ալ կը գոր­ծեն ըստ նա­խա­պէս մշա­կուած ծրագ­րի մը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յանձ­նա­րա­րեց, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ եւ աշ­խա­տանք տա­րուի Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մի­ջեւ ռազ­մա­կան փո­խօգ­նու­թեան պայ­մա­նագ­րի մը կնքման ուղ­ղու­թեամբ։ Սարգ­սեա­նի այս ե­լոյ­թէն վերջ ար­դէն սկսան հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար բա­զում ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, բա­զում մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ կա­րե­լի է ը­նել այս ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։ Յա­մե­նայն­դէպս, հիմ­նա­կան հան­գա­ման­քը այն է, որ Կով­կա­սի ի­րադ­րու­թիւ­նը պի­տի ուղ­ղոր­դուի յա­ւե­լեալ հար­ցա­կան­նե­րով եւ այդ հար­ցա­կան­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նին Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ, Ար­ցա­խի տե­սա­կէ­տէ յա­ւե­լեալ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը։

ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ սաստ­կա­ցած բա­խում­նե­րը կ՚ու­նե­նան ծան­րակ­շիռ հե­տե­ւանք­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ հայ­կա­կան կող­մը ու­նի տաս­նութ զոհ։ Ե­րէկ գի­շե­րուան դրու­թեամբ հայ­կա­կան կող­մը ու­նէր քա­ռա­սուն վի­րա­ւոր ու կորսն­ցու­ցած էր հրա­սայլ մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցաւ 12-ա­մեայ պա­տա­նի մը՝ Վա­ղի­նակ Գրի­գո­րեան։ Եւս եր­կու դպրո­ցա­հա­սակ ե­րա­խա­ներ վի­րա­ւո­րուե­ցան եւ ան­մի­ջա­պէս են­թար­կուե­ցան գոր­ծո­ղու­թեան։ Ա­նոնց կեան­քին վտանգ չի սպառ­նար։

Շա­բա­թա­վեր­ջի բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին շփման գծի մեր­ձա­կայ­քի Թա­լիշ գիւ­ղը մի­ջոց մը ան­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու հա­կակշ­ռին տակ եւ ա­ւե­լի վերջ հայ­կա­կան զօր­քե­րը ետ վեր­ցու­ցած են զայն։ Այդ ըն­թաց­քին բնա­կա­րա­նի մը մէջ սպան­նուած են ե­րեք տա­րեց­ներ, ո­րոնց լու­սան­կար­նե­րը հրա­պա­րա­կուած են հայ­կա­կան լրաս­փիւռ­նե­րուն կող­մէ։ Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի բա­խում­ներն ալ լուրջ վնաս հաս­ցու­ցած են ժո­ղո­վուր­դի բնա­կա­րան­նե­րուն։

Ատր­պէյ­ճա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը հաս­տա­տեն, թէ հայ­կա­կան կող­մը ու­նի տաս­նութ զոհ, սա­կայն մնա­ցեալ տուեալ­նե­րուն շուրջ հրա­պա­րա­կում­նե­րը կը պար­զեն հա­կա­դիր պատ­կեր մը։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ ա­զէ­րի կող­մը ու­նի տաս­ներ­կու զոհ։ Մինչ­դեռ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րուն հա­ղոր­դում­նե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը շա­բա­թա­վեր­ջի բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին կորսն­ցու­ցած է եր­կու ուղ­ղա­թիռ, չորս ա­նօ­դա­չու թռչող սարք, շուրջ տասն­հինգ հրա­սայլ, մէկ հրթի­ռահ­րե­տա­նա­յին սարք, զրա­հա­պատ մե­քե­նա­ներ եւ այլն։ Ատր­պէյ­ճա­նի զո­հե­րուն թի­ւը կը գե­րա­զան­ցէ եր­կու հա­րիւ­րի սահ­մա­նը։

Հան­րա­յին կար­ծի­քին մա­տու­ցուած տուեալ­նե­րուն մէջ պարզ է, որ կը նկա­տուին հա­կա­սու­թիւն­ներ։ Ա­ւե­լի՛ն, հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Պա­քու ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թեան լուրջ ար­շաւ մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ։ Ատր­պէյ­ճա­նի աղ­բիւր­նե­րը զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ միա­կող­մա­նիօ­րէն հրա­դա­դա­րի կ՚եր­թան, սա­կայն այդ բո­լոր հանգ­րուան­նե­րուն հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը հա­ղոր­դէին նոր յար­ձա­կում­նե­րու մա­սին։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը պնդե­ցին նաեւ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ նոր դիր­քեր նուա­ճած է։ Յա­մե­նայն­դէպս, ե­րէկ կէս գի­շե­րին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ հայ­կա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ռազ­մա­ճա­կա­տի ո­րոշ հա­տուած­նե­րուն մէջ լուրջ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում ու­նե­ցած են՝ տի­րա­նա­լով նո­րա­նոր դիր­քե­րու եւ բնագ­ծե­րու։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016