ՄԵԹՐՈՅԻ ՄԷՋ ՌՈՒՄԲ. 11 ԶՈՀ

Հա­մայն աշ­խարհ ե­րէկ ցնցուե­ցաւ Սեն Փե­թերս­պուր­կէն հա­սած լու­րե­րով։ Քա­ղա­քի մեթ­րո­յին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը, ո­րուն զոհ գնաց տասն­մէկ հո­գի։ Քա­ռա­սուն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Ռու­սաս­տա­նի Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը հա­ղոր­դեց, որ սա ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մըն է։ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին դէպ­քի պա­տա­հած պա­հուն նոյն քա­ղա­քին մէջ էր ու 20 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը տե­սակ­ցէր Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­խա­գահ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քո­յի հետ։

Այս պայ­թու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ցա­ւակ­ցե­ցաւ Մոս­կուա­յին։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ցա­ւակ­ցա­կան մը ու­ղար­կեց Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւին։

Միւս կող­մէ, Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան մե­խակ­ներ թո­ղեց դէպ­քի պա­տա­հած վայ­րին մօտ, ի յի­շա­տակ զո­հե­րուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017