ՇԸՐՆԱՔԻ ՄԷՋ 3 ՆԱՀԱՏԱԿ
Շըրնաքի մէջ այս առաւօտ նահատակուեցան երեք զինուորներ։ NTV-ի հաղորդումներով, Կապար լերան մերձակայքին անվտանգութեան ուժերը գործողութիւններ կ՚իրականացնէին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Այս ընթացքին խուզարկման աշխատանքի ձեռնարկած զինուորները յարձակման ենթարկուեցան՝ հեռակայ դրութեամբ պայթեցուած ռումբով մը։ Դէպքին հետեւանքով երեք զինուոր նահատակուեցաւ, հինգ զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Վիրաւորեալ զինուորները անմիջապէս դարմանման տակ առնուեցան Շըրնաքի Պետական հիւանդանոցին մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերոյիշեալ գործողութիւններու ծիրին մէջ հինգ ահաբեկիչ ալ սպաննուեցաւ։