ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Շաբաթավերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն վերջ Իսթանպուլի պարագան կը մնայ անորոշ։ Գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքին կապակցութեամբ պղտոր վիճակը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ երկրի օրակարգը։ Տեղական մամուլն ալ կը գրէ, որ քուէահամարի երկրորդ փուլը սկսած է։ ԱՔ կուսակցութեան առարկութիւններու հիման վրայ Իսթանպուլի 15 գաւառակներէն ներս կը վերահաշուարկուին անվաւեր քուէները, իսկ երեք գաւառակի մէջ բոլոր քուէները դարձեալ կը հաշուըւին։ Նման երեւոյթներ խնդրոյ առարկայ են նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի պարագային, սակայն հիմնական ուշադրութիւնը Իսթանպուլի վրայ է։ Թէ՛ ԱՔ կուսակցութեան եւ թէ ՃՀՓ-ի կողմէ ներկայացուած իրերայաջորդ առարկութիւններով, բողոքներով խնդիրը լուրջ թնճուկի մը վերածուած է։ Այս իրավիճակին մէջ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախագահ Սատի Կիւվէն յայտարարեց, որ վերահաշուարկներու լոյսին տակ արձանագրուելիք նոր արդիւնքները պարտաւորեցնող պիտի ըլլան բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Տոլմապահչէի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ կարգ մը նախարարներու, ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմի եւ կուսակցութեան վերնախաւէն դէմքերու հետ։ Կը հաղորդուի, որ շաբաթավերջի ընտրութեան արդիւնքին շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուած է այս հանդիպման ընթացքին։ Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուած է խորհրդակցութիւնը, որու կապակցութեամբ պաշտօնական հաղորդում մը չէ կատարուած։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019