ԱՐԱՅԻ ԼԵՌԸ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՎԱՅՐ
Արայի լեռը կրնայ զբօսաշրջային վայր դառնալ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան:
«Արայի լեռը զբօսաշրջային վայր դարձնելու հետաքրքրական ծրագիր ունինք. թէ ձմեռնային, թէ ամառնային վայրի վերածելու, բայց ծրագրի գործարկումը հսկայական ներդրումներ կը պահանջէ: Ծրագիրը պիտի ներկայացնենք ներդրումային հարթակին եւ պիտի սպասենք զարգացման: Անիկա մշակուած է դեռ 2007 թուականին, բայց մինչեւ այսօր դեռ չէ իրականացուած մեծ ներդրումներու պահանջքին պատճառով», ըսած է Զէյթունցեան: Ան նշած է, որ օրինակ, գինիի, ուտելիքի, արկածային զբօսաշրջութեան զարգացման համար ներդրում պէտք չէ:
«Գինիի, ուտելիքի զբօսաշրջութեան մասին շատ կը խօսին, բայց ատոնք զբօսաշրջութեան առանձին ձեւեր չեն, քանի որ յատուկ երկիր մը չես երթար միայն ուտելու կամ գինիի համար, պարզապէս այդ ամէնը կը մտնէ երթուղիին մէջ: Միայն ատով Հայաստանը չի կրնար ներկայանալ: Մեր երկիրը կը ներկայացնենք իբրեւ չբացայայտուած Հայաստան՝ Armenia uncovered», աւելցուցած է Զարմինէ Զէյթունցեան:
Արա լեռ կամ Արայի լեռ՝ կը գտնուի Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ: Անոր լանջին կը գտնուի Ծաղկեվանքը: Լեռը ունի հարուստ բնաշխարհ եւ Հայաստանի բուսականութեան 20 առ հարիւրը կարելի է յայտնաբերել այնտեղ: Բարձրութիւնը 2577 մեթր է: Անոր արեւմուտքը կը գտնուին Աշտարակը եւ Քասաղ գետի կիրճը, իսկ Արարատեան դաշտը եւ Երեւանը՝ լերան հարաւը: