ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՇԵՆԹՈՓԻ ԵՒ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած է Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆան Շենթոփի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հանդիպումը։

Երէկ կէսօրուան ժամերուն Ալէն Սիմոնեանի կողմէ գլխաւորուած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ժամանեց Անգարա։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս տարի կը նշուի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրութեան 30-ամեակը եւ այս առթիւ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ յոբելենական գագաթաժողով մը կազմակերպուեցաւ։ Ալէն Սիմոնեան այս գագաթաժողովին մասնակցելու համար եկած է Թուրքիա։ Երէկ, կէսօրուան ժամերուն հայկական պատուիրակութիւնը հասաւ Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ պատշաճ արարողակարգով։ Ներկայ էր նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, որ միացաւ պատուիրակութեան։

Անգարայի «Մերիըթ» պանդոկին մէջ, երէկ երեկոյեան, Մուսթաֆա Շենթոփի տանտիրութեամբ պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի յոբելենական գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարներուն ի պատիւ։ Ալէն Սիմոնեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ այս հաւաքոյթին։

Այսօր, օրուան առաջին կէսին արդէն տեղի ունեցաւ յոբելենական գագաթաժողովը, որու բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մուսթաֆա Շենթոփ։ Ալէն Սիմոնեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Այս գագաթաժողովին ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներէն ոմանք կը մասնակցին ամենաբարձր՝ խորհրդարանի նախագահի մակարդակով։ Ըստ դիւանագիտական-արարողակարգային պատշաճութեան, գագաթաժողովի հիւրընկալը երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Այս շրջանակին մէջ յետմիջօրէի ժամերուն նախատեսուած է Մուսթաֆա Շենթոփի եւ Ալէն Սիմոնեանի հանդիպումը։ Այսպէսով կը համալրուի Թուրքիա-Հայաստան՝ վերջին շրջանի բարձր մակարդակի շփումներու շարքը՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ։

Կը նախատեսուի, որ Ալէն Սիմոնեան Անգարայի մէջ յայտարարութիւններ ալ ընէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։

Հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այսօր երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ Երեւան։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023