ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԾԱԼՔԵՐ
Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որ կը կրէր՝ «Դաւադրութեան տեսութիւններուն ու ապատեղեկատուութեան յարաբերութիւնը» խորագիրը։ Հիմնարկի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ։ Ծրագիրը կեանքի կոչելու համար համագործակցած էին նաեւ «Ֆրետրիխ Նոման» հիմնարկի Թուրքիոյ մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ «Պողազիչի» եւ «Սապանճը» համալսարանները։
Ասուլիսը վարեց Կիւլին Չավուշ։ Ատենախօսներն էին «The News Literacy Project»ի փոխ-նախագահ Տեն Իվոն, Թիֆլիզի Պետական համալսարանէն Մարիամ Կերսամիա եւ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանէն Էրքան Սաքա։ Ատենախօսները մեկնաբանեցին, թէ դաւադրութեան տեսութիւնները ինչպէս կը յառաջանան, ինչ ազդեցութիւն կը գործեն ընտրողներու դիրքորոշումներուն վրայ եւ հասարակութեան զանազան խաւերուն վրայ տարբեր պայմաններու մէջ ինչ արձագանգներու եւ հետեւանքներու պատճառ կը դառնան։
Ասուլիսի աշխատանքային լեզուներն էին՝ թրքերէնը, անգլերէնն ու արաբերէնը։