Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԿԵՆՍԱՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ երէկ յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ մեծանուն յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ։ Այս առթիւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը՝ իր կենսամատենագիտութեան, որով ամփոփուած է վարպետի 40-ամեայ ստեղծագործական ուղին։ Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։
Այս առթիւ Տիգրան Մանսուրեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով եւ նուագներով։ Իսկ իր ընկերները համոզուած են, թէ համեստ, պարկեշտ, ազնուագոյն ածականները ամբողջութեամբ չեն նկարագրեր մեծանուն դասականը։
Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015