Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Հայաշխարհի զանազան անկիւններէն ներս կը շարունակուին սուրիահայոց զօրակցելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Վերջերս այս նպատակով շարժման անցան նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի երիտասարդ արհեստավարժները։ Անոնք կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որու հասոյթը փոխանցուեցաւ ՀԲԸՄ-ի հրատապ մարդասիրական օժանդակութեան ֆոնտին։
Կը հաղորդուի, որ սոյն հանգանակութիւնը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներու կարիքներու դիմագրաւման նպատակին։
Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015