ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Ա. փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ երէկ Երեւանի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեանց հետ։ Օրուան տեւողութեան ան մէկտեղուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ։ Տաչիչ տեսակցեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որու կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութենէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի գործունէութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորմամբ զբաղող հիմնական կառոյց։ Զրուցակիցները անդրադարձան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդական ջանքերուն, բանակցային գործընթացի ներկայ փուլի առկայ խնդիրներուն եւ տարածքաշրջանի մարտահրաւէրներուն։ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը Մինսքեան խմբակին հետ՝ ձգտելով հիմնախնդրի կարգաւորման՝ այն սկզբունքներուն ներքեւ, զորս առաջարկած է Մինսքեան խմբակը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու հիման վրայ։
Իր կարգին, Բակօ Սահակեան Տաչիչի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան վրայ։ Ան ըսաւ, թէ Ստեփանակերտ կողմնակից է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս եւ ընդգծեց բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն համարելով գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի այս հարցին վերաբերեալ դիրքորոշումը սպառնալիք մըն է տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ ան կ՚ոտնահարէ միջազգային չափանիշներն ու սկզբունքները։