ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆԻ ԱՅՑԸ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն առաջին կարգի վրայ թեկնածու ցոյց տրուած է եւ որեւէ ռիսք չունի ընտրուելու իմաստով։ Ասով հանդերձ, նախընտրական շրջանին Սելինա Տողան կը հետեւի շատ ծանրաբեռնուած ծրագրի մը։ Իր յագեցեալ այս ժամանակացոյցը ան կ՚արժեւորէ երկու գլխաւոր նպատակներով։ Առաջինը այն է, որ ան կը ջանայ զօրակցիլ իր կուսակցութեան եւ յաչս հանրութեան բիւրեղացնել իր անձին մէջ խորհրդանշուած զանազան հանգամանքները։ Երկրորդ նպատակը այն է, որ ան այս ժամանակաշրջանը կ՚ընկալէ շփուելու համար հասարակութեան ամենատարբեր շրջանակներուն հետ։ Սելինա Տողան այդ շփումը կը համարէ շատ օգտակար, որովհետեւ այժմէն հնարաւորութիւն կ՚ունենայ պատկերացնելու իր ապագայ գործունէութեան հիմնական առանցքները, առաջնահերթութիւնները։
Ան առաջին իսկ օրէն յայտարարած է, որ հայկական արմատներ ունենալով հանդերձ չի ձգտիր միայն ըլլալ հայերուն կամ փոքրամասնութիւններուն պատգամաբերը, այլ կ՚ուզէ հետամուտ ըլլալ երկրի ամբողջ խնդիրներուն եւ իր նպաստը բերել անոնց լուծման։
Կուսակցական ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը այցելեց Սելինա Տողան, որ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Ընդհանուր բնոյթով նիւթերու ակնարկելու առընթեր Սելինա Տողան մատնանշեց, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խորհրդանշած աւանդութիւնը, ունեցած ժառանգութիւնը կարեւոր նշանակութիւն կը ներկայացնեն ինչպէս հայ համայնքին, այնպէս ալ երկրի տեսակէտէ։
Իր կարգին, Արա Գօչունեանն ալ ըսաւ, թէ տասնամեակներու ընդհատումէ մը վերջ թրքահայութիւնը ներկայիս ունի իսկական հեռանկար մը խորհրդարանի մէջ իր ծոցէն հասած երեսփոխան մը ունենալու առումով։ Այդ ընդհատուած նախընթացի վերականգնման ճանապարհին Սելինա Տողանի խորհրդանշած կերպարը իսկապէս ողջունելի է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Նախընտրական քարոզարշաւը թէեւ կարճ ժամանակի մը մէջ, մեծ թոհուբոհով կ՚անցնի, սակայն Սելինա Տողան այդ հանգրուանը առաւելագոյնս արժեւորած է՝ յստակօրէն փոխանցելու համար իր պատգամները եւ առաւելագոյնին հասցնելու համար իր ժողովրդականութիւնը։
Զրոյցի աւարտին փոխանակուեցան բարեմաղթանքներ եւ թերթիս խմբագիրը յաջողութիւն մաղթեց Սելինա Տողանին։