ԼԻՊԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐ
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ղեկավար Ֆաիզ Էս-Սարրաճ այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը հիւրընկալէ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկուքուկէս ամիս ընդհատումէ մը վերջ Էրտողան առաջին անգամ կ՚ընդունի արտասահմանեան ղեկավար մը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերջին նիստի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարուած էր Լիպիոյ իրադարձութիւններուն։ Անգարա կ՚առաջնորդուի այն մօտեցումով, թէ Լիպիոյ անվտանգութիւնը ամբողջ հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջերկրականի կայունութեան տեսակէտէ բանալի մըն է։ Ուստի, Թուրքիա կը նախատեսէ շարունակել իր զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Լիպիոյ օրինական ղեկավարութեան։
Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ մօտաւոր անցեալին ստորագրուած էր ջրային տարածքի իրաւասութեան սահմանումներուն եւ զինուորական համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն մը։ Կը հաղորդուի, որ Անգարայի այս օրուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան այդ համաձայնութեան մանրամասնութիւնները։ Երկու երկիրները կը նախատեսեն իրենց գործընկերութիւնը զարգացնել։