ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՋ ՄԸ ՈՒՆԻ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը համացանցային նոր կայքէջ մը օգտագործել սկսաւ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն մտահոգիչ լուրեր հասած էին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մասին՝ մանաւանդ անոր ելեկտրոնային շտեմարաններու վտանգուած ըլլալուն շուրջ։ Այս բոլորէն վերջ, գրադարանի տնօրէնութիւնը ձեռնարկած է բազմակողմանի աշխատանքի։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբէկեան տեղեկացուց, որ հին կայքէջը փոխարինուած է նորով մը։ Ներկայիս արդէն աւարտած է կայքի ծրագրաւորումը ու կը մնայ անհրաժեշտ փորձարկումներէ վերջ բովանդակութեան բեռնաւորումը։ Անդրադառնալով գրադարանի թուայնացեալ նիւթերուն՝ Հրաչեայ Սարիբէկեան տեղեկացուց, որ կրկնապատկուած է թուայնացեալ խարիսխը, որ երկու տարբեր վայրերու մէջ պիտի պահուի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հրաչեայ Սարիբէկեան այս կապակցութեամբ փոխանցեց մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, կը մտածեն նոր սերվըրներ ձեռք բերել թուայնացեալ առարկաները նաեւ անոնց մէջ պահպանելու համար։ Անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ հին սերվըրներու հայելային պատճէնումը ընել։ «Դեռ կը քննարկենք նաեւ թուայնացեալ նիւթերը ամպային տիրոյթ տեղափոխելու հարցը», ընդգծեց գրադարանի տնօրէնը եւ աւելցուց, որ իրենց աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Եւրոպական Ազգային գրադարաններու ընկերակցութիւնը։ Այս վերջինը Հայաստանի Ազգային գրադարանին համար դրամաշնորհ կ՚որոնէ սերվըրներու ժամանակակից սարքաւորումներ ապահովելու նպատակով։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ տնօրէնը շեշտեց, որ մօտաւոր անցեալի դէպքէն վերջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուային շտեմարանները վերականգնուած են եւ անոնք հասանելի են 24 ժամ։ Մայիսի 9-էն ի վեր այդ շտեմարանները խափանուած էին։

Սարիբէկեան ընդգծեց, որ բովանդակային առումով որեւէ կորուստ չունի Ազգային գրադարանը, սերվըրները մանրակրկիտ մաքրուած են։ «Այս ընթացքին տեղեկատուական փորձագիտութիւններու մասնագէտներու ամբողջ համայնք մը ձեւաւորուեցաւ մեր գրադարանին շուրջ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ապագային աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Անոնք այս օրերուն մանրակրկիտ մաքրած են սերվըրները, փորձարկած են եւ օգտագործման համար պատրաստ ձեւով յանձնած են գրադարան։ Մեր ամենամեծ կորուստը օդորակիչն է, երկու մոնիթէօռ, երկու ստեղնաշար, համացանցի փոխարկիչ։ Սերվըրային սարքաւորումներու հոսանքի անխափան սնուցման սարքը բաւական լաւ վիճակի մէջ է։ Սերվըրներու շահագործման համար բոլոր սարքաւորումները պահպանուած են», ըսաւ Հրաչեայ Սարիբէկեան։

Մինչ այդ, իր յայտարարութիւններուն մէջ տնօրէնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս պատահած մտահոգիչ դէպքի հետաքննութիւնն ալ կը շարունակուի։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020