ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԱՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Քոլումպիայի համալսարանի Գործարարութեան դպրոցի եւ Լոնտոնի Գործարարութեան դպրոցի գործարար կառավարման մագիստրոսական ծրագրի համատեղ կազմակերպիչները։ Այս խումբը ճանաչողական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան՝ ծանօթանալու համար երկրի գործարար հնարաւորութիւններուն, մշակոյթին ու պատմութեան։ Ողջունելով հիւրերը՝ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ հայոց պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան, Հայաստանի առանձնայատկութիւններուն։ Նախագահը խօսեցաւ նաեւ երկրէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ «Նոր Հայաստան» տեսլականին շուրջ։ Հանդիպման տեւողութեան Արմէն Սարգսեան պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն, տնտեսութեան յառաջատար ճիւղերուն, ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ յարափոփոխ աշխարհի մարտահրաւէրներուն։ Արմէն Սարգսեան հիւրերու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան հեռանկարային ուղղութիւնները՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով տեղակատուական փորձագիտութիւններուն, գիւղատնտեսութեան, սննդարդիւնաբերութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն վրայ։

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի Ազգային փոլիթեքնիկ համալսարանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերատեսուչ Ոստանիկ Մարուխեանի ուղեկցութեամբ ան շրջայց մը կատարեց համալսարանէն ներս։ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս այցելեց ուսումնահետազօտական եւ գերազանցութեան կեդրոնները, ճարտարագիտական տարրալուծարանները, օդային ռոպոթաշինութեան ուսումնահետազօտական կեդրոնը։

Շրջայցէն վերջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ համալսարանի ղեկավարութեան եւ ուսանողութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան վառ տպաւորութիւններ արտայայտեց իր կատարած շրջայցի լոյսին տակ։ «Այն, ինչ որ տեսայ, իմ սպասածէն աւելին էր, փայլուն էր, բայց միւս կողմէ՝ մենք կրնանք աւելիին հասնիլ։ 21-րդ դարուն մեր զարգացման ճանապարհը նոր փորձագիտութիւններն են, իսկ անոնց հասնելու համար հիմնական կէտերէն մին ձեր համալսարանն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Այցելութեան ընթացքին նախագահը ողջունելի համարեց, որ Փոլիթեքնիկի մէջ ներ-գըրաւուած են նաեւ այլ համալսարաններու ուսանողներ, որոնք հետաքրքրուած են բարձր փորձագիտութիւններով։ Ուստի, ան կարեւորեց համալսարաններու համագործակցութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հնարաւորինս աջակցիլ՝ միջազգային կաճառներու, գիտական կեդրոններու հետ համագործակցութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018