ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՒԱՔ

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ այսօր Ծաղկաձորի մէջ կը սկսի «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով համահայկական երիտասարդական հաւաք մը։ Շուրջ 700 երիտասարդ կը համախմբուի Ծաղկաձորի մէջ։ Նախատեսուած ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։ Սփիւռքէն աւելի քան 300, Հայաստանէն ալ աւելի քան 400 երիտասարդներ մասնակցութիւն կը բերեն այս ծրագրին, որ եզակի է իր տեսակին մէջ։ Նախագիծը կ՚ընդգրկէ ճամբար, ուխտագնացութիւններու շարք, որու ընթացքին թեմական կառոյցները կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, փորձառութիւնը։ Հաւաքի տեւողութեան օրակարգի վրայ կու գան աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ունեցած ակըն-կալութիւնները, որոնց կապակցութեամբ կը ծաւալուին քննարկումներ եւ կը կատարուին առաջարկներ։

Հարկ է նշել, որ ներկայ 2018 թուականը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է երիտասարդութեան տարի։ Այս ժամանակաշրջանի առանցքային ձեռնարկն է ներկայ երիտասարդաց հաւաքը։ Երէկ, «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման պատասխանատուները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Այդ միաւորման հոգեւոր պատասխանատուն է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Միաւորման կեդրոնական գրասենեակի տնօրէնն է Գէորգ Մկրտչեան։ Մամլոյ ասուլիսի ատենախօսները անդրադարձան ներկայ հաւաքի հետապնդած նպատակներուն, ինչպէս նաեւ բացատրութիւններ տուին Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման կողմէ ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ։

Մինչ այդ, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետն ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց երիտասարդաց հաւաքի կազմակերպիչ խումբը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ողջունեց երիտասարդները եւ կարեւորեց Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ միւս թեմերու երիտասարդներու համախմբումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ երկար ժամանակ նախապատրաստուած այս համախմբումը նոր լիցք ու խանդավառութիւն պիտի ապահովէ նոր սերունդին՝ ոգեշնչուելու եւ առաւել ներգրաւուելու եկեղեցական, համայնքային կեանքէ ներս՝ օգտակար ծառայութիւն մատուցելու պատրաստակամութեան Մայր Եկեղեցւոյ համար։ Նորին Սրբութեան խօսքով՝ եկեղեցին յատկապէս զօրաւոր է, երբ անոր կեանքէն ներս աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունին երիտասարդները։

Մատնանշելով համաշխարհայնացման ներկայ դարու մարտահրաւէրները՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց երիտասարդները ազգային, հոգեւոր արժէքներով կրթելու եւ դաստիարակելու կարեւորութիւնը, նաեւ անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ ընելիքներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018