ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՑԱԽ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած են Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Այցելութեան ընթացքին Մնացականեան կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ 

Ինչպէս ծանօթ է, բոլորովին վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր Զօհրապ Մնացականեանի տեսաժողովը Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Ներկայիս Մնացականեանի Արցախ աշխատանքային այցելութիւնը անմիջապէս կը յաջորդէ այդ տեսաժողովին։ Հարկ է յիշեցնել, որ տեսաժողովէն վերջ հաղորդուած էր, որ յաջորդ ամիս դարձեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ պիտի կազմակերպուի նոր տեսաժողով մը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020