ՊԱՀՉԵԼԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ

ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի ո­րո­շեց մաս­նակ­ցիլ այս Կի­րա­կի Ե­նի­գա­բուի մէջ նա­խա­տե­սուած հան­րա­հա­ւա­քին։ Ծա­նօթ է, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ Ե­նի­գա­բուի մէջ այս Կի­րա­կի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ նա­հա­տակ­նե­րու» մեծ հան­րա­հա­ւա­քը։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տէն այս հան­րա­հա­ւա­քին հա­մար հրա­ւէր­ներ ու­ղար­կուած է նաեւ ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րուն։

Ե­րէկ, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Այս վեր­ջի­նը ըն­դու­նեց մաս­նակ­ցիլ հան­րա­հա­ւա­քին եւ հան­դէս գալ ե­լո­յթով մը։

Ծա­նօթ է, որ նա­խըն­թաց օր ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ պի­տի չմաս­նակ­ցի այդ հան­րա­հա­ւա­քին եւ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ պի­տի ու­ղար­կէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2016