«ԹԻԹԱՆԻՔ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԼՈՒԶՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգին մէջ կը գտնուի «Թիթանիքի» թանգարանը, որու պատին վրայ պատկերուած է սառցաբեկոր մը, որ փլուզուած է: Ըստ թանգարանի ֆէյսպուքի էջին, միջադէպի հետեւանքով երեք այցելու տուժած է:

«Այսօր Փիճն Ֆորճ քաղաքի մեր թանգարանին մէջ միջադէպ տեղի ունեցած է: Սառցաբեկոր-պատը փլուզուած է, այցելուներէն երեքը տուժած են եւ հիւանդանոց փոխադրուած», կ՚ըսուի մշակութային կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:

Թանգարանը, որ նուիրուած է 1912 թուականին խորտակուած «Թիթանիք» նաւուն, բացուած է 2010 թուականին: Թանգարանի շէնքը զբօսանաւի փոքր չափերով կրկնօրինակն է:

Թանգարանի հաւաքածոն կը ներառէ աւելի քան 400 իրեր, որոնք գտնուած են աշխարհահռչակ նաւու վրայ եւ պատկանած են «Թիթանիքի» ուղեւորներուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2021