ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՄՆԵՑ ՖՈՆՏ ՄԸ՝ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՈՎ

Ամերիկահայ լրագրող Օշին Քէշիշեան կը տեղեկացնէ.-

Ամերիկահայ ազգային գործիչ ու բարերար Տքթ. Վարդգէս Նաճարեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Նաճարեան վերջերս կէս միլիոն տոլար տրամադրելով հիմնեցին ընտանեկան ֆոնտ մը։ Նաճարեանները այս նախաձեռնութիւնը կատարեցին՝ ի նշանաւորումն իրենց ամուսնութեան 60-ամեայ յոբելեանին։ Այդ 60-ամեակը նշուեցաւ 150 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ եւ նոյն հաւաքոյթի ընթացքին կատարուեցաւ ֆոնտի հիմնադրութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը։

Ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակներէ անձնաւորութիւններու շնորհաւորական խօսքերէն վերջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ իրենց մեծ որդին՝ Արա Նաճարեան։ Այս վերջինը Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետն է, իսկ ներկայիս կ՚անդամակցի քաղաքապետական խորհուրդին։ Կլենտէյլի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթի ընթացքին Արա Նաճարեան տեղեկացուց իր ծնողքի հաճելի անակնկալին մասին։ Ան յայտնեց, որ Տքթ. Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեան ամոլը 500 հազար ամերիկեան տոլար ներդնելով հիմնած է ընտանեկան ֆոնտ մը՝ նպատակ ունենալով օժանդակել կրթական եւ առողջապահական կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այդ ֆոնտի միջոցները առաջին հերթին պիտի ուղղուին Հայաստանի եւ Արցախի զինուորականներու ընտանիքներուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018