ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՅՔԱՐ

Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց, որ Հալքպանքի վերաբերեալ հարցին բերումով որեւէ պատիժի սպասում չունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։

Երէկ, Պերաթ Ալպայրաք Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Ելմտական նախարար Ֆիլիփ Հեմընտի հետ։ Նախարարը այս առթիւ տեղեկացուց, որ առկայ տնտեսական դժուարութիւններով հանդերձ Թուրքիա մտադիր չէ IMF-ին դիմելու։ Կառավարութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է օտար ներդնողները ուղղակի Թուրքիա առաջնորդելու նպատակին վրայ։

Անգլիացի պաշտօնակցին հետ տեսակցելէ վերջ Պերաթ Ալպայրաք յայտարարութիւններ ըրաւ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ գնաճի դէմ պայքարը կառավարութեան ծրագրի կարեւոր բաղադրիչներէն մին է։

Պերաթ Ալպայրաք Լոնտոնի մէջ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-ԱՄՆ առկայ լարուածութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին որպէս ռազմավարական գործընկեր։ Ալպայրաք յիշեցուց, որ զինուորական գետնի վրայ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ կողմերու համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ «ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար բարձր մակարդակի վրայ դիւանագիտական շփումները կը շարունակուին։ Կը յուսանք, թէ ի վերջոյ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները տրամաբանական շրջագծի մը մէջ պիտի մտնեն։ Այս գործընթացը եթէ կարողանանք օգտագործել Եւրոմիութեան հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ, ապա կացութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ մեր տնտեսութեան վրայ», ըսաւ նախարարը։

Պերաթ Ալպայրաք, որ անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ իր ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ ալ հանդիպում մը ունեցած էր, «Ռէօյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախարարը տեղեկացուց, որ Իրանի հետ առեւտուրը պիտի շարունակուի։

Լոնտոնի մէջ Պերաթ Ալպայրաք մատնանշեց կառավարութեան վճռակամութիւնը՝ Անգլիոյ հետ յարաբերութիւններուն թափ տալու համար։ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ աջակցութիւնն ալ առիթ պիտի դառնայ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր շրջանի մը սկսելուն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018