ԻՍԿԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ճաբոնի Արտաքին գործոց նախարար Թարօ Քոնօ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդ եւ աւելի վերջ բանակցութիւններ վարեց Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Երկու նախարարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Օրուան տեւողութեան Թարօ Քոնօ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացման ուղղութիւններն ու հեռանկարները։ Կողմերը անդրադարձան այլ ոլորտներուն, որոնք ունին փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան աշխուժացման մեծ ներուժ եւ կրնան հարստացնել երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը։ Կողմերը մասնաւոր կարեւորութիւն ցուցաբերեցին դրամատնային համակարգին, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, մշակութային փոխանակումներու, գիտական ու կրթական ոլորտներէ ներս ծրագրեր իրականացնելու նկատմամբ։

Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ իրական հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացնելու համար։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց, որ Ճաբոնէն առաջին անգամ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակին վրայ այցելութիւն մը կը տրուի Երեւան։ Երկկողմանի գործակցութիւնը նոր մակարդակի մը բարձրացնելու հեռանկարը իր հետ կը բերէ յատկապէս տնտեսական կապերու խթանում։

Փաշինեան եւ Քոնօ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցերուն շուրջ։ Վարչապետը նշեց, որ Երեւան բարձր կը գնահատէ Ճաբոնի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։

Թարօ Քոնօ Երեւանի մէջ այցելեց նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծագործ փորձագիտութիւններու կեդրոն։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճաբոնի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Միցուքօ Շինօ երէկ յայտարարեց, որ Թոքիոյի ղեկավարութիւնը կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ այս առումով զօրակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018