ԷԼԸՆ ՄԱՍՔԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Էլըն Մասք պատմած է, թէ երբ կը կայանայ Starship-ի դէպի ուղեծիր առաջին թռիչքը։ Միլիառատէր գիւտարար Էլըն Մասք խոստացած է, որ Starship օդաչուաւոր տիեզերանաւը կրնայ շուրջերկրեայ ուղեծիր թռչիլ արդէն յաջորդ տարի։

Էլըն Մասք իր ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնած է, որ Starship-ի ուղեծիրային թռիչքը, հաւանաբար, կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ տարի: Ան նշած է, որ կրնան առաջին թռիչքները ձախողիլ։

«Մենք կը գտնուինք անյայտ տարածքի մէջ։ Starship տիեզերանաւի նախատիպը բարձրացած է միայն 150 մեթր բարձրութեամբ։ Ան այս բարձրութեան հասած է օգոստոսին տեղի ունեցած փորձարկումներու ընթացքին։ Իսկ շարք մը նախորդ փորձարկումներ աւարտած են պայթիւններով», ըսած է Էլըն Մասք։

Տիեզերանաւը, վերջին հաշուով, նախատեսուած է Մարսի վրայ թռիչքներու համար:

Էլըն Մասքը եւ անոր SpaceX ընկերութիւնը անցեալին քննադատած են փորձագիտութիւններու զարգացման չափազանց յաւակնոտ կանխատեսումներուն համար, սակայն ներդրողները կը հաւատան աշխարհահռչակ գիւտարարին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020