ՇՈՒՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

Եաքուտսքը աշխարհի ամենացուրտ քաղաքներէն մին է, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Սիպիրիա տարածքաշրջանի արեւելքին, Լենա գետի ափին։ Ձմեռը -34 ջերմաստիճան կ՚ըլլայ օդի բարեխառնութիւնը Եաքուտսքի մէջ, որ Նորիլսքէն վերջ աշխարհի ամենացուրտ երկրորդ քաղաքն է։

Եաքուտսքի մէջ յատուկ շարժանկարի մը ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցած է շուներու համար։ Քաղաքի շարժանկարի սրահներէն մին շուներու համար շարժապատկերի յատուկ ցուցադրութիւն մը իրականացուց՝ Ռուսաստանի շարժանկարի օրուան առթիւ։

«Շարժանկարի օրը կարելի չէ իրականացնել առանց ժապաւէններու ցուցադրութեան։ Սակայն մարդիկ չեն կրնար երթալ շարժանկարի սրահներ, որովհետեւ Եակուտսքի մէջ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով մեկուսացման օրէնքներ կան։ Այս պատճառաւ ցուցադրութեան հանդիսատեսները դարձած են ընտանի կենդանիները։ Այս ձեռնարկը իւրայատուկ պատասխան եղած է մեկուսացման իրողութիւններուն», ըսած են նախաձեռնարկները։

Տակաւին ծանուցումը չեղած ժապաւէնի յատուկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Եաքուտսքի Cinema-Center շարժանկարի սրահին մէջ։ Հանդիսատես դարձած է ինն կենդանի։

Շուները նստեցուցած են ճատրակի ձեւով, որպէսզի ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանուի: Հանդիսականներուն անցուցած են բժշկական դիմակներ: Ձեռնարկի չորքոտանի մասնակիցները դիտած են այն ժապաւէնը, ուր կը պատմուի շուներու հետ մարդոց բարեկամութեան մասին։ Շարժանկարի սրահի աշխատակիցները ըսած են, որ Ռուսաստանի մէջ այս առաջին շարժապատկերի ցուցադրութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ առանձնապէս շուներու համար։

Ոչ մէկը խախտած է կարգապահութիւնը, ընկերային հեռաւորութիւնը: Թէեւ չորքոտանի հանդիսատեսները շատ մաքուր պահած են սրահը, սակայն ցուցադրութենէն յետոյ հաստատութիւնը ամբողջովին ախտահանուած է։

Եաքուտսքի շարժանկարի սրահները քորոնաժահրի համավարակի կապակցութեամբ փակ են մարտի 19-էն ի վեր։ Անոնք կրնան 15 սեպտեմբերէն սկսեալ իրենց դռները բանալ հանդիսատեսներուն, եթէ համավարակի ընթացքը հակակշռի տակ ըլլայ։ Եաքուտսքի մէջ քորոնաժահրի վարակման 7 հազար 210 դէպք յայտնաբերուած է, ապաքինած է 5 հազար 870 հոգի, իսկ մահացած՝ 79 հոգի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020