ՈՎԿԻԱՆՈՍՆԵՐՈՒ ՋՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՏԱՔՆԱՆ

Խաղաղական ովկիանոսը եւ Արեւելեան չինական ծովը Ճաբոնի ափերու մօտ տաքցած են մինչեւ մրցանիշային մակարդակ։ Խաղաղական ովկիանոսի եւ Արեւելեան չինական ծովի մակերեւոյթը Ճաբոնի շարք մը ափամերձ շրջաններու մէջ վերջերս տաքցած է մինչեւ առաւելագոյն բարձր մակարդակը՝ դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

Ճաբոնի օդերեւութաբանները արձանագրած են, որ ջուրի ջերմաստիճանը Հոնսիու կղզիի արեւմտեան եւ արեւելեան մասերու ափերու մօտ, ինչպէս նաեւ Օքինաուա եւ Ամամի հարաւային կղզիներու շրջանին մէջ անցեալ ամիս կազմած է շուրջ 30 աստիճան սելսիուս կամ նոյնիսկ աւելի: Այս տուեալները մրցանիշային ցուցանիշներ են 1982 թուականէն ի վեր։

Այսպէս, Օքինաուայի շրջանէն դէպի արեւելք, որ կ՚ողողէ Արեւելեան չինական ծովը, անցեալ ամիս ջուրի միջին ջերմաստիճանը կազմած է 30.7 աստիճան, որ 2.1 աստիճանով բարձր է սովորական մակարդակէն: Հոնսիուի արեւմտեան ծովեզերքի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Սիքոքու կղզիի մօտ նոյնպէս արձանագրուած է ջերմաստիճանի մօտաւորապէս 1.5 աստիճանով բարձրացում:

Օդերեւութաբանները կը կարծեն, որ մրցանիշային տաքնալը կապուած է Խաղաղական ովկիանոսի վրայ յառաջացած բարձր ճնշման գօտիի հետ, որ ծածկած է Ճաբոնը եւ նպաստած է տաք օդի ներհոսին: Ցունամիները մինչեւ հիմա նոյնպէս շրջանցած են Ճաբոնը, ինչ որ բարենպաստ միջավայր ստեղծած է ջուրի ջերմաստիճանի բարձրացման համար: Օդերեւութաբանները կը նախազգուշացնեն, որ չափազանց տաքնալը կրնայ յանգեցնել ջուրի գոլորշիի մեծ քանակութեան բարձրացման, որ աշնան կրնայ յառաջացնել արեւադարձային փոթորիկներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020