Ուրբաթ 10, Յունուար 2025
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԲՆԱԿԱՐԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Ֆայէթ քաղաքին մէջ կը վաճառուի տուն մը, որ կառուցուած է 19-րդ դարուն։ Առանձնայատկութիւն մը այս բնակարանը, որուն մէջ կը գտնուի բանտ մը։ Շքեղ առանձնատունը կարելի է գնել 350 հազար տոլարով։ Տունը կառուացուած է 1875 թուականին։ Հոն կը բնակէր քաղաքի շէրիֆը։
Այս առանձնատունը բաժնուած է երկու մասի․ մէկ մասը բաւականին գեղեցիկ բնակելի հատուածն է, իսկ երկրորդը՝ բանտային մասը։ Բանտը ունի ինն խուց, որոնց մէջ կան մետաղեայ անկողիններ եւ ճեմիշ։ Աղիւսէ կառուցուած այս տունին ընդհանուր մակերեսը 229 քառակուսի մեթր է։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020