ՓԻԷՌ ԱՆՈՒՆ ԹԵՒԱՏԸ

Աւստրալիոյ մէջ, վիրաւորման պատճառաւ մեկուսացման պայմաններու մէջ կ՚ապրի թեւատ մը, որ ինքզինք առանձին չզգալու համար կը դիտէ թեւատներու մասին ծաղրապատկերներու շարքեր։

Փիէռ անունով թեւատը, որ այժմ ապաքինման շրջան մը կ՚անցընէ Աւստրալիոյ Փերթ քաղաքի կենդանաբանական պարտէզին մէջ, կը սիրէ այլ թեւատներու մասին հաղորդումներ դիտել։

Կենդանին յայտնաբերած են Աւստրալիոյ հարաւ-արեւմուտքին գտնուող լողափներէն մէկուն վրայ։ Փերթի կենդանաբանական պարտէզի ներկայացուցիչը՝ Ճորտըն Թէօ ըսած է, որ ան վստահաբար լողալով անցած է մրցանիշային ճամբայ մը՝ հասնելով Աւստրալիոյ ափերը։ Փիէռ յայտնաբերուելէ յետոյ զայն տեղափոխած են Փերթի կենդանաբանական պարտէզը, ուր տեսած են, որ անոր փետուրները որոշ խնդիրներու պատճառով զրկուած են անջրաթափանցութենէ։ Այս պատճառով ան չեն կրցած անմիջապէս ձգել վայրի բնութեան գիրկը։

Քանի որ Փիէռ ներկայիս մեկուսացման մէջ է եւ կը շարունակէ ապաքինիլ, կենդանաբանական պարտէզի անասնաբուժական խումբը յայտնաբերած է, որ հեռատեսիլի ծաղրապատկերներ եւ հաղորդումներ դիտելը անոր վրայ լաւ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Անոնք iPad-ի միջոցով կենդանիին սկսած են ցոյց տալ թեւատներու մասին զանազան հաղորդումներ՝ վաւերագրական ժապաւէններ եւ այլ կենդանաբանական պարտէզներէն ուղիղ եթերներ, սակայն ան թեւատներու ընտանիքի մասին պատմող Pingu մանկական հեռուստաշարին սիրահարած է։ Կենդանաբանական պարտէզի աշխատախումբը յայտնած է, որ Փիէռ մեծ հաճոյքով կը դիտէ այս ծաղրապատկերը։

Միւս կողմէ, կենդանաբանական պարտէզի աշխատակիցները կը պատմեն, թէ Փիէռ բացի հաղորդումներ դիտելէ, ունի սիրելի զբաղում մը եւս։ Ան կը սիրէ ինքզինք դիտել հայելիին մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020