ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑ
Կարգ մը գիտնականներ պարզած են, թէ ո՛ր կենսանիւթը (վիթամին) կրնայ դադրեցնել քորոնաժահրի բազմացումը։
Հնդկաստանի համալսարանի Մանիպալի ակադեմիայի եւ Կենսափորձագիտութիւններու տարածքաշրջանային կեդրոնի գիտնականները պարզած են, որ B12 կենսանիւթը կրնայ արգիլել քորոնաժահրի բազմացումը։ Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է IUBMB Life հանդէսին մէջ։
Մասնագէտները իրականացուցած են համակարգչային ձեւաւորում՝ նպատակ ունենալով յայտնաբերել, թէ բնամթերքներու եւ դեղամիջոցներու ո՛ր մոլեքիւլները կրնան ճնշել nsp12-ին, որ կը գտնուի SARS-Cov-2-ի ծինի մէջ եւ պատասխանատու է ժահրի բազմացման կապակցութեամբ: Պարզուած է, որ B12-ի պատրաստութեան յատուկ ձեւը՝ մեթիլքոպալամինը, կրնայ ճնշել ժահրային բջիջներու կրկնապատկումին:
Այդ նիւթը կրնայ որպէս կանխարգելիչ միջոց նշանակուիլ այն խումբերու համար, որոնց վարակման հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ եւ հիւանդանոցի մէջ անյետաձգելի օգնութիւն կը ցուցաբերէ։ Այս խումբին կը պատկանին բուժանձնակազմերը, տարեցները կամ շարունակական հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկը։ Այսուհանդերձ, գիտնականները կը նշեն, որ այս ձեւի օգտագործման համար, որպէսզի փոփոխութիւն մտցուի COVID-19-ով հիւանդներու բուժման արձանագրութիւններու մէջ, անհրաժեշտ է շարք մը լրացուցիչ հետազօտութիւններ եւս կատարել։