NETFLIX-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Արքայազն Հերի եւ իր կողակիցը՝ Մեկըն, բազմամեայ համաձայնագիր ստորագրած են Netflix-ի հետ։ Այսպէս, Անգլիոյ արքայազն Հերի եւ իր կինը՝ Մեկըն, որոնք կ՚ապրին Գալիֆորնիայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, երկար տարիներու համաձայնագիր ստորագրած են ժապաւէններու եւ ֆիլմաշարերու արտադրող Netflix ընկերութեան հետ: Այս մասին կը գրէ New York Times թերթը:
Հերի-Մեկըն զոյգը վերջերս հիմնած է շարժանկար արտադրող ընկերութիւն մը, որուն անունը տակաւին յայտնի չէ։ Netflix-ը այս ընկերութեան կը վճարէ վաւերագրական եւ գեղարուեստական շարժանկարներու, հեռատեսիլի շոուներու եւ երեխաներու համար հաղորդումներու փոխարէն:
«Մենք ծայր աստիճան հպարտ ենք, որ Հերին եւ Մեկընը Netflix-ը ընտրած են որպէս իրենց ստեղծագործական տուն: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այն պահին, որպէսզի անոնց հետ ներկայացնենք պատմութիւններ, որոնք կ՚ըլլան հետաքրքական եւ կը մեծցնեն ըմբռնումը ամբողջ աշխարհի զանազան լսարաններու միջեւ», ըսած է ընկերութեան համաղեկավար Թետ Սերենտըն։
Netflix ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1997 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Վճարովի տեսածառայութեան լսարանը նախատեսուած է աշխարհի աւելի քան 190 երկիրներու մօտաւորապէս 130 միլիոն օգտատէրերու համար: Ներկայիս Netflix կ՚արտադրէ իր սեփական շարժանկարները, ֆիլմաշարերը եւ հեռուստահաղորդումները։