ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ

Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը ե­րէկ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու սկսաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ինք­նա­վար Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ներս ռազ­մա­փոր­ձե­րուն կը մաս­նակ­ցի ա­ռան­ձին բա­նակ մը։

«News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատըր-պէյ­ճա­նի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով կ՚օգ­տա­գոր­ծուին հրթի­ռա-հրե­տա­նա­յին հա­մա­կար­գեր, ռազ­մաօ­դա­յին մի­ջոց­ներ եւ այլ զի­նա­տե­սակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մար­տա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ։

Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­տեն-ա­տեն լա­րուա­ծու­թիւն­ներ կը ծա­գին Հա­յաս­տա­նի հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան սահ­ման­նե­րուն վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016