ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ԽԱՐԻՍԽԸ

Գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ վա­ղը պի­տի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Ան­գա­րա­յի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Քունց ե­րէկ յայտ­նեց, որ Պուն­տես­թա­կի վեց ան­դամ­ներ վա­ղը պիտի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լիք։

Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վէն վերջ այս նիւ­թին անդրա­դար­ձաւ նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ։ Նիս­տին յա­ջոր­դած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, որ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը կը պատ­կա­նի Թուր­քիոյ եւ ազ­գա­յին այդ ռազ­մա­խա­րիս­խէն ու­րիշ եր­կիր­ներ կրնան օգ­տուիլ Թուր­քիոյ թոյլ­տուու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, գեր­մա­նա­ցի խորհրդա­րա­նա­կան­ներն ալ Ին­ճիր­լիք պի­տի այ­ցե­լեն ո՛չ թէ ռազ­մա­խա­րիս­խը հա­կակշ­ռե­լու, այլ՝ ի­րենց զինուոր­նե­րը հա­կակշ­ռե­լու հա­մար։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Ան­գա­րա վեր­ջին ա­միս­նե­րուն չէր ար­տօ­նած, որ գեր­մանա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լիք՝ Պուն­տես­թա­կի կող­մէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հե­տե­ւան­քով։ Այդ ո­րո­շու­մէն վերջ, բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կած էր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը՝ ո­րոշ չա­փով նեն­գա­փո­խե­լով բա­նա­ձե­ւին նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Այդ քայ­լը բա­ւա­րա­րած էր թրքա­կան կող­մը, ինչ որ գե­տին պատ­րաս­տած է նաեւ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րու վա­ղը նա­խա­տե­սուած այ­ցե­լու­թեան հա­մա­ր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016