38-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՄԱԿ-ի Զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ կա­պա­կից ան­դամ եր­կիր­նե­րու 38-րդ նս­տաշր­ջա­նը։ Մայ­րա­քա­ղա­քի «Radisson Blu Hotel Yerevan» պան­դո­կի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի կ՚ու­նե­նան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր նիս­տին ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՄԱԿ-ի Զբօ­սաշր­ջու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թա­լէպ Ռի­ֆա­յի։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան այս վեր­ջի­նը ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ Ան յայտ­նեց, թէ իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թիւ­նով նոր յա­ռա­ջըն­թաց կը նկա­տէ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Շա­տեր կը սկսին այ­ցե­լել ու ճանչ­նալ եր­կի­րը։ Իր կար­գին, Կա­րէն Կար­ապե­տեանն ալ ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տան զբօ­սաշր­ջա­յին բարձ­րո­րակ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կրնայ ա­ռա­ջար­կել մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին հա­մար։ Իր կար­գին Սերժ Սարգ­սեանն ալ շեշ­տեց, թէ նստաշր­ջա­նի Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուի­լը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ լաւ ա­ռիթ մըն է հայ­կա­կան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու տե­սա­կէ­տէ։

Նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­գո­նեան ընդգ­ծեց, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տը կա­յուն զար­գա­ցում ապ­րած է երկ­րէն ներս։ Ներ­կայ տա­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին 2.5 տո­կո­սով ա­ճած է մի­ջազ­գա­յին այ­ցե­լու­նե­րուն թի­ւը։ Ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին, ո­լոր­տէն ներս այս զար­գաց­ման զու­գա­հեռ պէտք է ըն­թա­նայ նաեւ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գա­ցու­մը։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կառու­ցուած է ա­ւե­լի քան քսան պան­դոկ։ Ան հա­մոզուած է, որ տա­կա­ւին ու­շադ­րու­թիւն պէտք է կեդ­րո­նա­ցուի են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման վրայ։ Նստաշր­ջա­նի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Սու­րէն Կա­րա­եան, որ ընդգ­ծեց, թէ եր­կի­րը կը կա­րե­ւո­րէ նման ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու ձեռ­նարկ­նե­րը։

Նստաշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագոծով կը քննար­կուին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման մի­տում­նե­րը, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թիւ­նը, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թի կա­պը, պե­տու­թիւն-մաս­նա­ւոր հա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ու խթան­ման շուրջ հար­ցեր։ Ժո­ղով­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, Գառ­նիի մե­հեա­նը, Խոր վի­րապ, Գե­ղարդ, Ա­րե­նիի քա­րան­ձա­ւը եւ այլ տե­սար­ժան ժայ­ռեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016