ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ՉՈՐՍ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուրքիա այս առաւօտ մեծ ցաւ ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Այսպէս, Եիւքսէքօվայի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ կազմակերպուած պայթումին հետեւանքով 4 զինուոր նահատակուեցաւ։ NTV-ի հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Էսէնտերէի շրջանին մէջ։ ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներու կողմէ զինուորներու անցած ճանապարհին վրայ տեղադրուած ռումբը պայթեցուեցաւ հեռակայ դրութեամբ։ Զինուորական ինքնաշարժի այդ ծուղակին մէջ յայտնուելուն հետեւանքով նահատակուեցաւ 4 զինուոր։ Նոյն յարձակման հետեւանքով 4 զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Վիրաւորեալ զինուորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Կը հաղորդուի, որ անվտանգութեան ուժերը շրջանէն ներս լայնածաւալ գործողութեան մը ձեռնարկած են՝ ձերբակալելու համար յարձակումը կազմակերպած ահաբեկիչները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017